2008-12-05 08:47:20

Պօղոսեան տարի` խորհրդածութիւն - Գաղատացիներուն Թուղթը


RealAudioMP3 Գաղատացիներուն Թուղթը

Գաղատացիներուն, մաս կը կազմէ այն 14 նամակներուն, որոնք Պօղոս իր առաքելական ճամբորդութիւններու ընթացքին գրած է։ Հետեւաբար, Պօղոս այս թուղթը կամ նամակը գրած է Գաղատիա շրջանի բոլոր քաղաքներուն. Իկոնիոն, Լիւստրոս եւ Դերբէ, իր առաքելական երկրորդ եւ երրորդ ճամբորդութեան ընթացքին, այսինքն մօտաւորապէս 49 թուականին, երբ Փոքր Ասիոյ մէջ կը գտնուէր, Երուսաղէմի Խորհաուրդէն առաջ։ Յայտնենք որ, Գաղատիա քաղաքը հիմնուած է գաղիական ցեղախումբերու կողմէ, երրորդ դարուն Քրիստոսի առաջ։

Սուրբ Պօղոս` այս նամակը կը սկսի հերքելով իր անձին դէմ եղած բոլոր առարկութիւնները, եւ հաստատելով վաւերականութիւնը իր առաքելութեան, զոր ուղղակի տրուած է Քրիստոսէն, եւ ընդունուած՝ Երուսաղէմի առաքեալներէն։

Ապա կը սկսի բացատրիլ փրկութեան աւետարանը հրեադաւաններուն որոնք կ՛ուզէին հրէական բոլոր սովորութիւնները հաստատ պահել ։ Հետեւաբար, Պօղոս համարձակօրէն կը բացատրէ անոնց որ փրկութիւնը հաւատքով է եւ ո՛չ թէ Օրէնքի գործերով։ Օրէնքը մինչեւ Քրիստոս Կը ծառայէր որպէս դաստիարակի դեր, սակայն երբ եկաւ Քրիստոս, այլեւս դաստիարակի պէտք չկայ, քանի որ Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ եւ հաւատքով՝ կու տայ մեզի փրկութիւնը։ Որովհետեւ օրէնքով՝ կը շարունակէ առաքեալը, ես մեռայ Օրէնքին եւ այսուհետեւ կապրիմ Աստուծոյ համար ։ Ես խաչուած եմ Քրիստոսի հետ ։ Այլեւս ես չեմ որ կ՛ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս կապրի իմ մէջս ։ Կ՛ապրիմ ներկայ կեանքս, հաւատքին մէջ Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ ինքզինքը զոհեց ինծի համար ։ Աստուծոյ պարգեւը ապարդիւն չեմ հաներ։ Իսկ եթէ արդարութիւնը Օրէնքէն է, ուրեմն Քրիստոս ի զուր մեռաւ (Գաղ. 2, 19-21)։

Պօղոս առաքեալ իր այս գեղեցիկ եւ կարճ թուղթը իր սովուրութեան համաձայն կը փակէ մի քանի բառերով, որոնք իսկապէս կ՛արտացոլան անոր խոնարհութիւնը ։ Հետեւաբար, Ս. Պօղոս, որ աստուածային եւ մարդկային գիտութեանց ընդարձակ տեղեկութիւն ունէր, կը պարզէր թէ խաչեցեալ Յիսուսէն զատ ուրիշ բան չէր գիտէր։ Իսկ ես չեմ պարծենար կ՛ըսէր ան, եթէ ոչ միայն խաչով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, որով աշխարհը ինծի համար խաչուած է եւ ես խաչուած մըն եմ աշխարհի համար (Գաղ. 6, 14)։








All the contents on this site are copyrighted ©.